image

Նախագահ Ասատ կրթական տարեշրջանին վերաբերեալ կարեւոր որոշում ստորագրած է

Նախագահ Ասատ կրթական տարեշրջանին վերաբերեալ կարեւոր որոշում ստորագրած է

 Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատ կրթական տարուան վերաբերեալ կարեւոր որոշումներ ստորագրած է: Այս մասին այսօր կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահութեան  «Թէլէկէամ»ի  պաշտօնական  էջը:

 Ըստ հրապարակուած որոշումներուն, բոլոր այն ուսանողները, որոնք անցնող տարեշրջանին աւարտական քննութեան ձախողած են պիտի կարողանան վերաքննութեան մասնկացիլ:

  Նախագահ Ասատի ստորագրած հրամանագրին հիմնամբ անցնող 2016-2017 տարեշրջանի համալսարանական առաջին տարուան ուսանողներուն համար եւս  յատուկ դիւրութիւններ պիտի ընծայուին, իսկ այն ուսանողները, որոնք մագիստրոսի կոչման քննութիւններուն  նոյնպէս ձախողած են անոնք եւս յաւելեալ առիթ պիտի ունենան անգամ մը եւս պետական քննութեանց ներկայանալու: