image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր պատգամաւորը ինքզինք շղթայած է հնագոյն քաղաքի պարիսպներէն

Ընդդիմադիր պատգամաւորը ինքզինք շղթայած է հնագոյն քաղաքի պարիսպներէն

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան՝ Պաթմանէն
ընտրուած պատգամաւոր Մեհմէտ ԱլիԱսլան ինքզինք շղթայած է Պաթմանի մէջ գտնուող Հասանքէյֆ հնագոյն քաղաքի պարիսպներէն՝ ի նշան անոր ոչնչացման դէմբողոքի, կը գրէ թրքական «demokrathaber.org» կայքը:


Նշենք, որ Հասանքէյֆի պարիսպներու տինամիթներով պայթեցումներն Անտառներու եւ ջրային միջոցներու նախարարութիւնը կ'արդարացնէ անով, որ տուեալ պարիսպներուն վրայ առկայ քարերը շրջապատին համար վտանգ կը ներկայացնեն:

«Չէ՞ք տեսներ, թէ ինչ կը կատարուի, արձագանգեցէ՛ք, բա՛ն մը ըրէք», - կոչ ուղղած պատգամաւորը, որ Հասանքէյֆին հասցուած վնասը համեմատած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ սուրիական Փալմիրային հասցուած վնասին հետ:

Յիշեցնենք, որ Հասանքէյֆի տարածքին 550 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող դամբարանը տեղափոխած են` տեղը ամբարտակ կառուցելու համար: Պաթմանի Հասանքէյֆ շրջանին մէջ գտնուող յայտնի դամբարանը, ըստ պաշտօնական պատմագրութեան, կառուցուած է Աքքոյունլուներու իշխանութեան օրօք` Ուզուն Հասան սուլթանի որդի Զէյնէլ Պէյի համար: