Հալէպի մէջ այսօր իր հոգին աւանդած է հայուհի Սեդա (հօր անունը Յակոբ) Չիլինկիրեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ հայուհին մոթորսայքըլի արկածի ենթարկուած էր չորս օր առաջ՝ Հալէպի Սըլայմանիյէ շրջանին մէջ: Հանգուցեալը դէպքէն ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ անցնող օրերուն կը պայքարէր մահուան դէմ: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Սեդա Չիլինկիրեանը (64 տարեկան) արկածի ենթարկած վարորդը ձերբակալուած է: