image

Հալէպահայ Դոկտ. Վազգէն Գաբրիէլեան ոչ եւս է

Հալէպահայ Դոկտ. Վազգէն Գաբրիէլեան ոչ եւս է

Հալէպահայ քիմիագէտ, Դոկտ. Վազգէն Գաբրիէլեան, այսօր՝ 24 Օգոստոսին, Գերմանիոյ մէջ գիտական համագումարի մը մասնակցութեան օրերուն, կնքեց իր մահկանացուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Նշենք, որ 1960-ի ծնունդ Վազգէն Գաբրիէլեան Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով վերջին երեք տարիներուն հաստատուած էր Աւստրիոյ Լինց քաղաքը: Ան EPNOE 2017 համագումարի մասնակցելու համար օրերս մեկնած էր Գերմանիա, որուն մասնակցութեան ընթացքին յանկարծամահ եղաւ: Հանգուցեալի դիակը այսօր պիտի փոխադրուի Աւստրիա եւ յանձնուի իր ընտանիքին:

Մեր տեղեկութիւններով հանգուցեալին մահուան պատճառները ցարդ չեն պարզուած եւ այս առումով կը սպասուի, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները այդ մասին յստակեցումներ կատարեն Գաբրիէլեանի պարագաներուն:

Վազգէն Գաբրիէլեան Հալէպի մէջ դասաւանդած է երեք հայկական վարժարաններու մէջ , ան նաեւ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ եղած է սիրուած ու յարգուած դասախօս մը: Գաբրիէլեան ամուսնացած էր Հուրի Լաթերովեանին հետ եւ հայր էր երկու որդիներու ՝ Յակոբ եւ Արմիկ: