image

Հալէպ. Քաղաքին մէջ մանրավաճառներու երեւոյթը պիտի վերացուի

Հալէպ. Քաղաքին մէջ մանրավաճառներու  երեւոյթը  պիտի վերացուի

Հալէպի Գոյքի կառավարման վարչութիւնը, համագործակցելով քաղաքի խորհուրդի ոստիկանութեան եւ քաղաքի կեդրոնի վարչութեան հետ, եւ նպատակ ունենալով աշխուժացնել քաղաքի շարք մը շուկաներու, այդ թուին՝ Պապ Ալ Ժինանի շուկայի գործունէութիւնը, ձեռնարկած է մայթերու վրայ առեւտուրով զբաղող անձերու տեղափոխումը շուկայի ներսը, որ ապահովուած է ջրամատակարարմամբ եւ մաքրութեամբ, եւ կը հսկուի շուկայի հովանաւորներու կողմէ:

Գոյքի կառավարման վարչութեան տնօրէն Ռիատ Ալ Լաֆի նշած է, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի քաղաքի տարբեր թաղամասերու մէջ տօնավաճառներու գործունէութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ, միաժամանակ հաստատելով, որ ընդառաջելով մայթերու վրայ առեւտուր ծաւալով անձերու խնդրանքին, իրենք աջակցութիւն ցուցաբերելով զանոնք տեղափոխած են ըլլա'յ Պապ Ալ Ժինանի, ըլլա'յ Ժամիլիէի եւ այլ վայրերու մէջ գտնուող տօնավաճառներ: