image

Հալէպ. Այրուած եւ թափոնի վերածուած ինքնաշարժները կը հեռացուին

Հալէպ. Այրուած եւ թափոնի վերածուած ինքնաշարժները կը հեռացուին

Հալէպի նահանգապետարանին թելադրանքով քաղաքին մէջ կը շարունակուին պատերազմի ընթացքին այրած, հրկիզուած եւ թափոնի վերածուած ինքնաշարժներու վերացման աշխատանքները: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Հալէպի մասին լուրեր ներկայացող դիմատետրի  էջեր, որ նաեւ կը  յայտնեն, որ մաքրման աշխատանքներու  այս փուլը արդէն երրորդն է երկրին մէջ:

 

Ճանապարհային ոստիկանութեան տնօրէն ճարտարապետ Մարուան Հաֆ հաստատած է, որ աշխատանքները սկսած են Ալ-համտանիա շրջանի սպասարկութեան տնօրինութեան քովէն, որոնք քանդուած մեքենաները հեռացուցած են Ռամուսէի մայրուղիէն, նշելով, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին ներգրաւելով Հալէպ քաղաքի բոլոր շրջանները: Հաֆ աւելցուցած է, որ գործերը կը փաստագրուին ոստիկանական արձանագրութիւններով, նկարներով եւ ցուցակագրումով, ուր կը նշուին մեքենաներուն տեսակն ու թիւը: Հեռացուած մեքենաները կը տեղափոխուին քաղաքի խորհուրդի կողմէ անոնց համար յատկացուած մասնաւոր  կառատուններ: