image
Հրատապ լուրեր:

Յառաջիկայ օրերուն Լափշին Թուրքիոյ վրայով պիտի մեկնի Իսրայէլ

Յառաջիկայ օրերուն Լափշին Թուրքիոյ վրայով պիտի մեկնի Իսրայէլ

Պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի մայրը՝ Պելլա Լափշինա, երէկ երեկոյեան ժամանած է Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու: Այս մասին «Թրենտ» գործակալութեան յայտնած է Լափշինի փաստաբան Էտուարտ Չերնին:

Նշուած է, որ անոնք շուտով պիտի մեկնին Իսրայէլ, նախ այցելելով Թուրքիա: Ըստ փաստաբանին, անոնք Թուրքիա պիտի այցելեն այսօր կամ վաղը: Նշենք, որ նախօրէին փաստաբան Չերնին յայտնած էր, որ Լափշին կրնայ հեռանալ Ատրպէյճանէն յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին: Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ պլոկըրը Իսրայէլ արտայանձնման դիմում ներկայացուգած էր: Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի հրամանագիր ստորագրած է Լափշինին ներում շնորհելու մասին: Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Լափշինը դատապարտած էր երեք տարուայ ազատազրկման: Ինչպէս նշուած է դատավճիռին մէջ, Լափշինը մեղաւոր ճանչուած է 318.2 յօդուածով, որ պատիժ կը նախատեսէ «յանցաւոր խումբի կազմին մէջ Ատրպէյճանի պետական սահմաններն անօրինական կերպով հատելու համար»: Դատախազը խնդրած էր Լափշինի նկատմամբ 6,5 տարուայ ազատազրկում սահմանել որպէս պատիժ: Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի հանդիսացող պլոկըր Ալեքսանր Լափշին ձերբակալուած է Մինսկի մէջ 2016 թուականի Դեկտեմբերի 15-ին, Ատրպէյճանի դիմումին համաձայն, եւ արտայանձնուած էր Պաքու 2017 թուականի Փետրուարի 7-ին, 2011 թուականի Ապրիլին, 2012 թուականի Հոկտեմբերին եւ 2016 թուականի Յունիսին Արցախ այցելելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու համար:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, անդրադառնալով պլոկըրի արտայանձնման, յայտարարած էր, որ Ալեքսանտր Լափշինի հետապնդումը, Ատրպէյճան անոր արտայանձնումը խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարում է, որ կրկին անգամ ի ցոյց կը դնէ բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խոր անդունդը։