image

Վախճանած է Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանը

Վախճանած է Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ    վախճանած է  Տ.Նարեկ  Ա. քհնյ. Շրիգեանը: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ Լոս Անճելոսի «Ասպարէզ»ը,  յիշեցնելով որ  վախճանեալ  քահանային ծառայական վաստակը կ'երկարի աւելի քան 60 տարիներու վրայ:

Տ. Նարեկ ծնած էր Մուսա լեռ, 1926ինՄովսէսքահանայի յարկին ներքեւեւ հասակ առած անոր շունչինտակ։50ական թուականներու սկիզբը մուտք գործած էրԿիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը եւ հետեւածքահանայից պատրաստութեան դասընթացքին։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 1955ինծառայութեան առաջին անդաստանըեղած էր Այնճարը, ուր պաշտօնավարած էր իբրեւ ՍՊօղոսեկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւհիմնական դեր ունեցած էր նորեկեղեցւոյ կառուցման մէջմիաժամանակ վարելով Ազգային Յառաջ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը՝ վարժարանըօժտելով երկրորդական  բաժինով։

1963ին տեղափոխուած էր Միացեալ ՆահանգներուԱրեւմտեան շրջանը ու յաջորդ տասնամեակներունիբրեւհոգեւոր հովիւ ծառայած էր Սան Ֆրանսիսքոյի ՍԳրիգոր 
ԼուսաւորիչԷնսինոյի ՍՆահատակացՀոլիվուտի Ս.ԿարապետՕրենճ Քաունթիի Հայցառաքելական եկեղեցւոյ(յետագային՝ ՍՔառասնից Մանկանց), Մոնթեպելլոյի
ՍԽաչեւ Կլենտէյլի ՍԱստուածածին եկեղեցիներու ծխականհամայնքներուն,
միաժամանակ վարելով ուսուցչական եւտնօրէնի պաշտօններ։

Երկար տարիներ անդամակցած է թեմի Կրօնական ժողովին եւվարած անոր  ատենապետի պաշտօնը։

Տէր հայրը եղած է եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն՝ գործնապէսնպաստելով թեմի եկեղեցիներու
հիմնադրութեան ուշինութեան եւ վարժարաններու ընդարձակման։ Գործած է անսակարկ նուիրումովվայելած է թեմի ժողովականութեան ուհաւատացեալ ժողովուրդի
սէրն ու համակրանքըաւելին,եղած է բարերար եւ իր արդար վաստակէն բաժին հանած է
Դպրեվանքին ու հայ դպրոցինիբրեւ երախտագիտութեանգործնական արտայայտութիւն՝
եկեղեցիին ու ազգին հանդէպ։

Նարեկ Աքահանայի վերջին օծման ու թաղման կարգերըտեղի պիտի ունեցած են  յընթացս Սպատարագի,ԵրկուշաբթիՍեպտեմբեր 18ինկէսօրէն առաջ ժամը
11ին,Կլենտէյլի ՍԱստուածածին եկեղեցւոյ մէջապա վախճանեալքահանայ հօր մարմինը
պիտի հանգչի Հոլիվուտ Հիլզի«Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։