image

Թուրքիոյ մէջ հեռացուած է Էրտողանի արձանը

Թուրքիոյ մէջ հեռացուած է Էրտողանի արձանը

Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (պատմ. Եդեսիա) նահանգի Հառան շրջանին քանդած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արձանը: Թրքական «Doğan» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ, յուշարձանը, որ բաղկացած էր թանկէ, եւ այն ձեռքի նշանով կանգնեցնող Էրտողանի արձանէն, նուիրուած էր 2016 թուականի 15 յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձին: 

Կը նշուի, որ մինչեւ Էրտողանի արձանի հեռացնելը ան մէկ անգամ փոխած էին, քանի որ շատերը այն նմանցուցած էին Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատին:

Փոխելէ ետք ալ արձանը իր տեղը երկար չէ մնացած, ան հեռացուցած են 13 սեպտեմբերի առաւօտեան, եւ անոր փոխարէն տեղադրած են ցուցանակ՝ վրան գրուած. «15 Յուլիսը չենք մոռցած, եւ չենք մոռնար»: Ինչպէս կը նշուի, հեռացուած է միայն Էրտողանի արձանը, իսկ թանկը դեռ տեղն է:

Թուրքիոյ նախագահը մեկնաբանած է արձանի քանդումը: Ան ընդգծած է, որ որոշ համայնքներու ղեկավարութիւններու՝ իր արձանը կանգնեցնելու որոշումները իրեն կը մտահոգեն: «Այդ մասին լսելով ես շատ տխրեցայ: Այդ մէկը մեր արժէքներուն դէմ է: Ես չեմ ուզեր ո՛չ իմ արձանը կանգնեցնեն, ո՛չ ալ իմ նկարները տեղադրեն: Այդ ամէնը հանեցինք»,-ըսած է Էրտողան, համայնքային ղեկավարներէն խնդրելով, որ այլեւս նման սխալներ թոյլ չտան: