image

Տիարպէքիրի հայկական եկեղեցին դարձած է գողերու թիրախ

Տիարպէքիրի հայկական եկեղեցին դարձած է գողերու թիրախ

Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպէքիր նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական Ս. Կիրակոս եկեղեցին թիրախաւորուած է գողերու կողմէ: Այս մասին կը գրէ «CNNTurk»:

Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Էրկիւն Այլըք յայտնած է, որ թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով այս շրջանին մէջ ներկայիս կը շարունակուի պարէտային ժամը, եւ իրենք մեծ դժուարութեամբ արտօնութիւն ձեռք կը բերեն եկեղեցի մտնելու համար:

Այլըք յայտնած է, որ աւազակները օգտուելով առիթէն, որ եկեղեցին չի գործեր, դիւրութեամբ կը մտնեն այնտեղ, եւ ամէն օր եկեղեցիէն իրեր կը պակսին: Ալյըք կոչ ուղղած է համապատասխան մարմիններուն քայլեր ձեռնարկել եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար:

Ըստ աղբիւրին, թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով նոյնպէս եկեղեցին մեծ վնասներ կրած է եւ վերանորոգման կարիք ունի:

31 տարուայ դադարէ ետք 2011 թուականին վերաբացուելէ ետք Ս. Կիրակոս եկեղեցին 2015 թուականի Նոյեմբերէն 2016 թուականի Մարտ ինկած ժամանակահատուածին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեծ վնասներ կրած է:

Նշենք, որ Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն՝ Ս. Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 2011 թուականի Հոկտեմբերի 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց՝ 23 Հոկտեմբերին:

Ս. Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիարպէքիրցի հայերու եւ Տիարբպէքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Ս. Կիրակոս վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի: