image

Վերամուտ Պոլսոյ մէջ. Հայկական վարժարաններու 556 աշակերտներ դպրոց վերադարձան

Վերամուտ Պոլսոյ մէջ. Հայկական վարժարաններու 556 աշակերտներ դպրոց վերադարձան

Երկուշաբթի Թուրքիոյ տարածքին սկսաւ  նոր ուսումնական տարին, իրենց աշխատանքին սկսան նաեւ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարանները:

ինչպէս կը հաղորդէ «Ակօս»-ի թղթակից Իշխան Էրտինչ` նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ  հայկական դպրոցները ունեցած են միայն 556 նոր աշակերտ, որոնցմէ 348-ը տարրական եւ միջին դպրոցներու, 208-ը` աւագ դպրոցի աշակերտներ: Այս թիւը մօտ է անցեալ տարուան տուեալներուն, աշակերտներու թիւի աճ չէ արձանագրուած։

Ընդհանուր առմամբ, այս ուսումնական տարին Պոլսոյ 16 հայկական դպրոցներու աշակերտներու ամբողջական թիւը կազմած է 2.992 երեխայ` 710 աւագ դպրոցի եւ 2.282 տարրական ու միջնակարգ դպրոցներու սաներ:

Տարրական եւ միջնակարգ վարժարաններէն ամենաքիչ թիւով աշակերտներ ընդունած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Եսայեան վարժարանը` ընդամէնը 3 առաջին դասարանի աշակերտ: Մենաշատը՝ հայաշատ Շիշլի շրջանի Գարակէոզեան վարժարանը, որ ունեցած է 47 նոր աշակերտ, Գարագէոզեանէն ետք Պաքըրքէոյ շրջանի Դադեան եւ հայաշատ Սամաթիա թաղամասի Սահակեան – Նունեան վարժարանները` համապատասխանաբար 43 եւ 40 նոր աշակերտով:

Պատմական Գումգափը թաղամասի` Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կից գտնուող Պեզճեան դպրոցը, որ կը համարուի Պոլոյ հայկական Մայր վարժարանը, այս տարի ունեցած է 30 առաջին դասարանի աշակերտ:

Աւագ դպրոցներու շարքին ամենաշատ նոր աշակերտներ ունեցած է Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող «Կեդրոնական» աւագ դպրոցը` 55 նոր աշակերտ: Եսայեան վարժարանի աւագ դպրոցի բաժինը ընդունած է 48 նոր աշակերտ, անոր կը յաջորդեն հայաշատ Փանգալթըի Մխիթարեան դպրոցը իր 40 նոր աշակերտով, ինչպէս նաեւ Սահակեան – Նունեան վարժարանի աւագ դպրոցի բաժինը իր 37 նոր աշակերտով:

«Թերթ»-ը կը նշէ, որ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարաններէն 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը կը համարուին: Այս դպրոցներ կրնան յաճախել միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:

Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշուին, ատոր զուգահեռ` դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի: Ատոր հիմնական պատճառը Կ. Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթը եւ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներն են (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջինը 3000 տոլար):