Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները՝ փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն փոխանցուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ կիրարական աշխատանքներ, ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները:
Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման դասընթացքը կատարեց Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի (USJ) վերապատրաստութեանց ծրագիրներու աւագ աշխատակից, psychomotricienne Գալին Լապաքի: Անիկա մաս կը կազմէր նոյն համալսարանին հետ Մեսրոպեանի վարժարանի գործակցութեան ընդհանուր ծրագրին, որ ուղղուած է վարժարանի անձնակազմի եւ աշակերտներու գիտա-ուսումնական յառաջդիմութեան:
Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ Առաջին-շտապ օգնութեան վարժողական դասընթացք մը, ղեկավարութեամբ Լիբանանեան Կարմիր Խաչի մարզիչներուն:
Եօթ ժամ տեւողութեան դասընթացքին մասնակցեցան մանկամսուրի անձնակազմի բոլոր անդամները՝ անխտիր: Անոր նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները եւ ամրապնդել անոնց ինքնավստահութիւնը՝ անսխալօրէն արձագանգելու որեւէ արտակարգ պատահարի, որուն կրնան ենթարկուիլ փոքրիկները մանկամսուրին մէջ գտնուելու պահուն: Դասընթացքին, աշխատակիցները փորձարկեցին իրենց ստացած ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան պատահարներ կանխարգիլելու շարք մը կանոններու:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի