image

Ոչ Եւս Է Պոլսահայ Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի

Ոչ Եւս Է  Պոլսահայ  Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի

Պոլսոյ  մէջ   իր մահկանացուն կնքած է    բանաստեղծ  Զարեհ  Խրախունին: Այս մասին վերահասու դարձանք Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն: 88-Ամեայ     Խրախունի (բուն անունով Արթօ Ճիւմպիշեան) ծնած է Պոլիս 1927  թուականին:   Ան   իր նախակրթութիւնը  Պոլսոյ  Մխիթարեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք  Փարիզի մէջ  կը  հետեւի գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան    վերաբերող դասընթացքներու:  Անոր  բանաստեղծական  հատորներէն կարելի է յիշել   ՝ «Քար-Կաթիլներ», «Ես Եւ Ուրիշներ», «Լուսնապարտէզ», «Ստուեր Եւ Արձագանգ», «Տօնակարգ», «Սրտի Խօսք»   բանաստեղծական երկերը: Լայն  ճանաչում  ունեցող  բանաստեղծը արժանացած է    տասնեակ մրցանակներու   եւ  պարգեւներու:  Նշենք, որ  Զարեհ   Խրախունի   Զահրատի եւ Ռոպէր  Հատտէճեանի հետ միասին կը համարուի Պոլսոյ արդի  գրականութեան  հիմնադիրներէն մէկը: