Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: Այս մասին վերահասու դարձանք Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն: 88-Ամեայ Խրախունի (բուն անունով Արթօ Ճիւմպիշեան) ծնած է Պոլիս 1927 թուականին: Ան իր նախակրթութիւնը Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք Փարիզի մէջ կը հետեւի գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան վերաբերող դասընթացքներու: Անոր բանաստեղծական հատորներէն կարելի է յիշել ՝ «Քար-Կաթիլներ», «Ես Եւ Ուրիշներ», «Լուսնապարտէզ», «Ստուեր Եւ Արձագանգ», «Տօնակարգ», «Սրտի Խօսք» բանաստեղծական երկերը: Լայն ճանաչում ունեցող բանաստեղծը արժանացած է տասնեակ մրցանակներու եւ պարգեւներու: Նշենք, որ Զարեհ Խրախունի Զահրատի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի հետ միասին կը համարուի Պոլսոյ արդի գրականութեան հիմնադիրներէն մէկը: