image

Ռուս «մոտէլ»ին դաժան վրէժը իր սիրելիէն (Լուսանկար)

Ռուս «մոտէլ»ին դաժան վրէժը իր սիրելիէն (Լուսանկար)

Ռուս հանրահայտ «մոտէլ» Քրիստինա Քոշմա դաժան միջոց ընտրած է իր սիրելիէն վրէժ լուծելու համար: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ aljoumhouria.com  լրատուական կայքը:

Աղբիւրը, յղում կատարելով Business Insider կայքին, պատմած է, թէ Քոշմա աւազանին մէջ «սուզած» է իր ընկերոջ 55 հազար տոլար արժող շքեղ ինքնաշարժը:

Երբ Քրիստինային ընկերոջ հարց ուղղուած է կատարուածին մասին, վերջինս յայտնած է, որ ինք պէտք է կրէ եղածին պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ կինը եթէ «խենթութիւններ»ու չդիմէ, ուրեմն չի սիրեր:


 

'


Նշենք, որ Քրիստինա իր սիրելիին հետ ընթրիքի պահուն խնդրած է, որ վերջինս 50 հազար տոլարով օժանդակէ իր յառաջիկայ առեւտրային ծրագիրը, սակայն տղամարդը, որ վերջերս մեծ գումարներ ծախսած էր ընկերուհիին նոր հեռախօս եւ շքեղ պայուսակ առնելու համար, յայտնած է, որ ինք յոգնած է Քրիստինայի անվերջ պահանջներէն: Քրիստինա իր թէյը թափելով ընկերոջ վրայ վերցուցած է անոր ինքնաշարժի բանալիներն ու անմիջապէս դուրս եկած ու ինքնաշարժը քշելով   մտած աւազանին մէջ:

Ինքնաշարժի դուրս բերման աշխատանքները տեւած են չորս ժամ: