Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է ամերիկահայ գրող Արմէն Տոնոյեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոս Անճելոսի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ Տոնոյեան մահացած է սրտի տագնապի հետեւանքով:
Հալէպ ծնած Տոնոյեան (1936) երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակէր Լոս Անճելոսի մէջ:
Ան հեղինակ է շարք մը հատորներու, որոնցմէ յիշենք ՝ «Կապոյտ երազներ», «Հայոց ցեղասպանութիւն»ը , «Հայկական հերոսական ճակատամարտեր»( վերջին երկուքը ՝ անգլերէն) եւ այլ հատորներ: Յիշատակելի է մանաւանդ Տոնոյեանի երկար տարիներու աշխատանքով լոյսին տրուած «Ուրֆան եւ իր հերոսամարտը» կոթողական հատորը:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 21 հոկտեմբերին Կլէյնտէլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: