image

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանները գրոհած ու խուզարկած են համշէնցի մտաւորականի տունը, ձերբակալած՝ անոր կոնջը

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանները գրոհած ու խուզարկած են համշէնցի մտաւորականի տունը, ձերբակալած՝  անոր կոնջը

Թուրքիոյ Արդուին  նահանգի Խոպա քաղաքին մէջ, ոստիկանութիւնը գրոհած է համշէնցի մտաւորական Ճէմիլ Աքսուի տունը: Այս մասին յայտնած է թրքական gazeteduvar.com.tr կայքը:

 

Ոստիկանական ուժերը, խուզարկելով Աքսուի տունը, ձերբակալած են անոր կնոջ՝ Նուրճան Աքսուին: Ոստիկանները գրաւած են նաեւ Նուրճանին պատկանած շարք մը գիրքեր եւ անոր անձնական համակարգիչը:

 

«Դասական օրինակ մեր հայրենիքէն... Դիմատետրի մէջ եղած հրապարակումներու պատճառով վաղ առաւօտեան գրոհած են մեր տան վրայ, խուզարկած, Նուրճանը ձերբակալած, գրաւած անոր համակարգիչն ու մի քանի գիրք: Հիմա կ'երթանք բաժանմունք, կ'երթանք Արդուին», - ընկերային ցանցի իր էջին մէջ գրած է Աքսուն: