image

Խնդրայարոյց սպանութեան դէպք Սուրիոյ մէջ

Խնդրայարոյց սպանութեան դէպք Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ հարաւային Սալխատ քաղաքը սուգի ու սարսափի մատնուած է 11-րդ դասարանի աշակերտ Քուսայ Իմատ Պալիի սպանութեան պատճառով:

Ինչպէս կը գրէ «Ալ Ալամ» լրատուական կայքը, իր քաղաքավարութեամբ ու խելացութեամբ աչքի ինկող Պալի իր դասընկերուհիներէն մէկուն նկատմամբ ոտնձգութեան փորձ կատարած երկու երիտասարդներու հետ կռիւի բռնուած է, որուն ընթացքին երիտասարդներէն մէկը՝ Թամմամ Ալ Ճաուհարի, դանակը չորս անգամ մխրճելով Քուսայի սրտին մէջ սպանած է զինք:

Ոճրագործը յաջողած է փախուստի դիմել, մինչդեռ քաղաքի բնակչութիւնը մինչեւ այս պահը սարսափահար կը սպասէ, թէ ինչ քայլի պիտի դիմեն սպաննուած աշակերտին ծնողքը:

Նշենք, որ Սուրիոյ ճգնաժամի ողջ ընթացքին, Սուէյտա նահանգին մէջ տարածուած երեւոյթներէն են դպրոցներու մուտքերուն դիմաց անկարգութիւններ իրագործող զինուած խումբերու կողմէ աշակետուհիներու ահաբեկումը:

Նշուած երեւոյթը կանխելու համար ծնողներուն կողմէ բազմիցս բողոքներ ներկայացուած են իրաւասու մարմիններուն, սակայն ապարդիւն: