image

Տի Քափրիօ եւ Հենքս նուիրատուութիւն պիտի կատարեն Հայաստանի մանուկներուն համար

Տի Քափրիօ եւ  Հենքս նուիրատուութիւն պիտի կատարեն Հայաստանի մանուկներուն համար

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF), տօներուն ընդառաջ՝ կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական ձեռնարկին՝ 14-րդ ամէնամեայ դրամահաւաք-երեկոյին մասին:

Ամէն տարի հիմնադրամի աջակիցները կը հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ՝ մասնակցելու երկար սպասուած ու աստղային երեկոյին: Բարեգործական այս ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն աշխարհահռչակ անհատներ՝ Լիոնարտօ Տի Քափրիօ, Թամ Հենքս, Արիանա Կրանտէ, Քլոյի Քարտաշեան, Քոնըն Օ՛Պրայըն, Թինա Ֆէյ եւ ուրիշներ:

Ըստ հիմնադրամի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ հանդիսավարը «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր դերասանուհի Անտրէա Մարթինն է: Կալա-երեկոյին ընթացքին, արուեստի բացառիկ գործերու աճուրդը պիտի վարէ հանրաճանաչ Սայմըն տէ Փիւրի: Լուռ աճուրդին ներկայ պիտի ըլլան հանրածանօթ արուեստագէտներ եւ ձեւաւորողներ, պիտի առաջարկուի հիւրասիրութիւն, ընթրիք, մասնակիցները պիտի վայելեն ճազ կատարում, իսկ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր երեխաները հանդէս պիտի գան յատուկ ելոյթներով:

Իբրեւ տուրք ժամանակակից նորաձեւութեան՝ այս տարուան Կալայի կոմիտէն հիացմունք կը յայտնէ հագուստի ձեւաւորող Փաթրիսիա Ֆիլտին՝ անոր պարգեւելով «COAF-ի մարդասիրական մրցանակ»ը: Հիւրերը առաջինը պիտի ըլլան, որ պիտի դիտեն անոր վերջին հաւաքածոն:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի 14րդ ամէնամեայ դրամահաւաք-երեկոն պիտի իրականացուի 16 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի ժամանակով երեկոյեան ժամը 6էն-11:30, «Չիփրիանի» սրահին մէջ: Շուրջ 400 հիւրերու, աստղերու, էջատէրերու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ երեկոն պիտի հեռարձակուի լրատուամիջոցներով: Հիւրերէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ անվճար ծրար՝ առատաձեռն հովանաւորներուն կողմէ տրամադրուած նուէրներով: