image

Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութիւններու մնայուն ցուցահանդէս պիտի բացուի. Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զէքի Ետալեան

Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութիւններու մնայուն ցուցահանդէս պիտի  բացուի. Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զէքի Ետալեան

Մօտ օրէն, Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութիւններու մնայուն ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի, իսկ յետագայ օրերուն այդ ցուցահանդէսը պիտի վերածուի առեւտրական կեդրոնի։ Այս մասին հայ-սուրիական Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեան յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին: Ան նաեւ ներկայացուցած է խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրը՝ հաւաստիացնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նոր որակով օժտելու երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները:

 

 Յիշեցնենք, որ 16 նոյեմբերին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ հանդիպում ունեցած էր հայ-սուրիական Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանի, փոխնախագահ Շահէ Եագուպեանի, գանձապահ Պատրիկ Այտընեանի հետ՝ քննարկելու Հայաստան-Սուրիա տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները:

Սապպաղ շեշտած էր բարեկամ երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան կարեւորութիւնը, նկատի առած յատկապէս Հայաստան-Սուրիա պատմական սերտ յարաբերութիւնները՝ դիտել տալով, որ հայ համայնքը Սուրիոյ բնակչութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկը կը հանդիսանայ, իսկ Հայաստան Սուրիոյ դէմ մղուած ահաբեկչական, հաւատադրժողական պատերազմի օրերուն կարեւոր կեցուածք դրսեւորած է։