image
Հրատապ լուրեր:

Գարոլ Սմահա ցանցահէններու յարձակման զոհ կը դառնայ եւ ներողութիւն կը խնդրէ

Գարոլ Սմահա ցանցահէններու յարձակման զոհ կը դառնայ եւ ներողութիւն կը խնդրէ

Լիբանանցի երգչուհի Գարոլ Սմահայի թուիթըրեան էջը ցանցահէններու յարձակման թիրախ դարձած է, կը գրէ «LBC» լրատուական կայքը:

Երգչուհին շատ արագ նկատած է տեղի ունեցածը եւ գրառում մը կատարելով դիմած է իր հետեւորդներուն:

«Սիրելի հետեւորդներ, վայրկեաններ առաջ էջս ցանցահէններու յարձակման ենթարկուեցաւ, եւ այնտեղ անպատեհ բաներ հրապարակուեցան: Փառք Աստուծոյ, որ խնդիրը արդէն լուծուեցաւ: Ներողութիւն կը խնդրեմ տեղի ունեցած սխալմունքին համար»: