image

Հալէպի մէջ պարգեւատրուած է ամենահին մկրատ վաճառողը

Հալէպի մէջ պարգեւատրուած է ամենահին մկրատ վաճառողը

Հին Հալէպի Ալ-Ճըմրոք խանի եւ շուկայի մէջ կայացած «Հայրէնիքի սէր» փառատօնի միջոցառումներու ծիրէն ներս, Հալէպի առեւտրական պալատի գործարար կանանաց յանձնաժողովը պարգեւատրած է Հալէպի 86-ամեայ ամենահին շրջիկ վաճառող՝ Ապտ Ալ-Քատէր Մուպայէտին: Այս մասին կը հաղորդէ netaleppo կայքը:

Ապտ Ալ-Քատէր իր 86 տարիներուն 35-ը անցուցած էր՝ քաղաքի հին շուկաերուն եւ բերդին շուրջը որպէս շրջիկ վաճառող մկրատներ վաճառելով:  Սուրիոյ անցած տագնապի տարիերուն ան տեղափոխուած եւ իր գործը շարունակած էր քաղաքաի այլ շրջաններու մէջ:

Հաժ Մուպայէտին Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ծանօթ է: Ով անոր անունը չի գիտեր, գոնէ գիտէ անոր տեսքն ու կը ճանչնայ ձայնը եւ անոր մշտական կանչը՝ «Ճափոնական մկրատ վաճառքի» («Միքասս եապանի լըլ-պէյհ»):