image
Հրատապ լուրեր:

«Արեւելքի այրող սիրտը».Պիտի ներկայացուի լրագրող Ռուբիկ Մինասեանի ֆիլմը Հալէպի մասին

«Արեւելքի այրող սիրտը».Պիտի ներկայացուի լրագրող Ռուբիկ Մինասեանի ֆիլմը Հալէպի մասին

Հայրենադարձած լրագրող Ռուբիկ Մինասեան օրերս հանրութեան դատին պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի հայութեան մասին  նկատարհանած իր   ֆիլմը:

Ֆիլմը, որուն նկարահանումները  կատարուած   են Հալէպի մէջ կը ներկայացնէ յետպատերազմեան Հալէպի ընդհանուր   իրավիճակը:  Լրագրող Մինասեան, որ անձամբ այցելած է Հալէպ հարցազրոյցներ ունեցած է Հալէպի հայկական համայնքի տարբեր մակարդակի կրօնական եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ կարողացած է թարմ նկարահանումներ  իրկանացնել Հալէպի  հայկական   թաղամասերէն:

 

 Ֆիլմին մէջ  յատուկ  տեղ կը տրուի   Հալէպի  պատմական անցեալին, ինչպէս նաեւ հոն հարցադրումներ կը հնչեն միջին արեւելքի հայութեան երբեմնի գլխաւոր կեդրոն համարուող հայկական դրոշմ ունեցող այդ քաղաքին ապագային վերաբերեալ:

 Յիշեցնենք, որ Ֆիլմի  նկարահանումներու իրականցաման համար կարեւոր նեցուկ հանդիսացած են հալէպահայ մարմիններ եւ յատկապէս Հալէպի ՍԴՀԿ մարմինն ու Հայ Աւետարանական  համայնքի  ղեկավարութիւնը:

 

Ֆիլմի ցուցադրութեն թուականը  պարզ  պիտի դառնայ մօտիկ ապագային: