image
Հրատապ լուրեր:

Մալաթիոյ Ալէւիներուն դէմ հալածանքի նոր սկի՞զբ

Մալաթիոյ Ալէւիներուն դէմ  հալածանքի նոր սկի՞զբ

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մալաթիա քաղաքի՝ Ճեմալ Գիւրսէլ թաղամասին մէջ անյայտ անձանց կողմէ ալէւի բնակիչներու տուներու դռներուն տարբերակիչ նշաններ դրուած են: Այս մասին tert.am-ի հաղորդմամբ, կը գրէ թրքական diken.com.tr կայքը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ բնակիչները պատմած են, որ շատերը ահաբեկուած են եւ չեն գիտեր, թէ, արդեօք վտանգներու ու յարձակումներու մասին կրնան կանխատեսել կարմիր ներկով եշած նշանները:

«Մենք՝ ալէւիներս, պարտաւոր չենք որեւէ մէկուն նման ըլլալ, մենք պիտի շարունակենք պահպանել մեր հաւատքն ու մշակոյթը», -ըսած է տեղի ալււիական միութիւններէն մէկուն ներկայացուցիչը:

Կը նշուի, որ դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ ու խուզարկած տարածքը: Այժմ կը փնտռուին բնակիչներու դուռերուն տարբերակիչ նշաններ նկարող անձերը:

Ալււիները, որոնք հիմնական կը բնակին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան եւ Թուրքիոյ հարաւային լեռնային շրջաններուն մէջ, Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս կը համարուին իսլամի շիա ուղղութեան դաւանող համայնք, մինչդեռ շարք մը ալէւիներու կողմէ այս տեսակէտը չընդունուիր: Ոմանք կը պնդեն, որ ալէւիզմը, որուն կը դաւանին միլիոնաւոր քիւրտեր, զազաներ եւ թուրքեր, առանձին կրօնք  է, որ իր մէջ կը համադրէ իսլամութեան, քրիստոնէութեան եւ նոյնիսկ հեթանոսութեան որոշ բարքեր: Ալէւիները իրենք իրենց յաճախ նաեւ «քըզըլպաշ» կ'անունաեն: