image

Ազրպէյպանցի գործարարը քաղաքական ապաստան խնդրած է Փարիզէն

Ազրպէյպանցի գործարարը քաղաքական ապաստան խնդրած է Փարիզէն

Մոսկուայի Չերքիզովսկի շուկայի նախկին սեփականատէր, ատրպէյճանցի գործարար Թելման Իսմայիլով քաղաքական ապաստան խնդրած է Ֆրանսայէն: Ինչպէս հաղորդէ Life.ru-ն, գործարարը մտադիր է Փրովանս հաստատուիլ:

Mash ալիքի տուեալներով, Իսմայիլով ֆրանսական յատուկ ծառայութիւններու հետ զրոյցուի ժամանակ յայտնած է, որ ինք իբրեւ թէ «փոխհամաձայնութիւններ» ունի Ռուսաստանի բոլոր ուժային գերատեսչութիւններու գործող ղեկավարներուն մասին: Եթէ իրեն ապաստան տան, ան կը խոստանայ ամբողջ տեղեկութիւնը տրամադրել Ֆրանսային:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, Մոսկուայի Պասմանեան դատարանը հեռակայ կարգով կալանաւորած է Իսմայիլովին, որուն կը մեղադրեն շարք մը սպանութիւններու կազմակերպման մէջ, ինչպէս նաեւ կը կասկածին երգիչ Աւրաամ Ռուսոյի մահափորձի մէջ: Անոր նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է: 

 

Լուրը՝ tert.am-էն