Վարդուհի եւ Վարդան Ներսէսեաններ բախտաւորուած են անդրանիկ զաւակով մը ՝ Ներսէս: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ նորածին փոքրիկին հարազատներէն: Փոքրիկը լոյս աշխարհ եկած է 10 դեկտեմբեր 2017–ին Երեւանի «Մարգարեան» հիւանդանոցին մէջ: Յիշեցնենք, որ Ներսէսի ծնողները համահիմադիրներն են Յորդանանի «Վարդավառ» երգչախումբին: Հայրը գործարար Վարդան Ներսէսեանն է, իսկ փոքրիկին մայրը ՝Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանը Երեւանի մէջ ուսանած եւ բազմաթիւ պարգեւներու արժանացած երգահան- դաշնակահարուհի է:
«Արեւելք» այս ուրախ առիթով կը կիսէ Ներսէսեաններու ուրախութիւնը եւ կը շնորհաւորէ յատկապէս փոքրիկն Ներսէսի հորաքոյր ՝ Մարալ Ներսէսեանը: