image

Մեսրոպեանի կայքի նորութիւնը. Վիրթուալ պտոյտ վարժարանին մէջ

Մեսրոպեանի կայքի նորութիւնը. Վիրթուալ պտոյտ վարժարանին մէջ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կայքէջը հարստացաւ նոր առանձայատկութեամբ մը. այսուհետեւ մեր կայքի այցելուները կրնան վիրթուալ պտոյտ կատարել Մեսրոպեանի մէջ՝ դիտելու համար անոր տարբեր մասնաբաժինները, դասարանները, ժողովասրահները, գրադարանները, գիտաշխանոցը, վարչական գրասենեակները եւ Արուեստից վարժարանը:

 

Վիրթուալ պտոյտը բաղկացած է քառասուն մասէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այցելուն կը փոխադրէ վարժարանի առանձին մէկ հատուած՝ 360 աստիճան դիտումով: Այսպիսով, ան կրնայ ծանօթանալ վարժարանի արտաքին եւ ներքին գրեթէ ամբողջ տեսքին՝ շրջափակէն մինչեւ տանիքի խաղավայրը:


Սոյն առանձնայատկութեան յաւելումը կ՛արտայայտէ Մեսորպեանի տնօրէնութեան քաղաքականութիւնը՝ կարելի բոլոր միջոցներով ընդլայնելու վարժարանին մասին իրազեկումը հանրութեան մօտ:

 

Մեսրոպեանի վիրթուալ պտոյտը կարելի է կատարել մեր կայքին վրայ՝ www.mesrobian.com :

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի