image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոս. Սուրիոյ առաջին տիկինը պիտի աջակցի ՍՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան

Դամասկոս. Սուրիոյ առաջին տիկինը պիտի աջակցի ՍՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութեան

Երեքշաբթի, 9 յունուարին, Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմաա Ասատ այցելած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղ եւ հանդիպում ունեցած մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ Սոնա Անտրեանի հետ։

Հանդիպման ժամանակ առաջին տիկնոջ հետ զրոյցը ծաւալած է  ՍՕԽ-ի կատարած բարեսիրական աշխատանքներուն, գործունէութեան բնոյթին ու տարողութեան մասին։

Ասմաա Ասատ, գնահատելով տարուած աշխատանքի կարեւորութիւնը , իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու միութեան բարեսիրական եւ ընկերային գործունէութեան։