image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսած է խումբ մը օտար համալսարանականներու

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսած է խումբ մը օտար համալսարանականներու

11 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, խումբ մը համալսարանականներ, իրենց երկու փրոֆէսորներուն գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ներկայ առաքելութեան մասին։  Ուսանողական խումբը բաղկացած էր ամերիկացի, գերմանացի եւ շուէտացի համալսարանականներէ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց քրիստոնէութեան ներկայ պատկերը՝ ներքին բաժանումներով, անդրադարձաւ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւններոոն, խօսեցաւ միջ-եկեղեցական շարժումին մասին՝ յատկապէս այդ ծիրէն ներս անդրադառնալով աստուածաբանական երկխօսութիւններու շօշափած նիւթերուն։ Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ հայ եկեղեցւոյ վրայ։ Պատմական ընդհանուր ակնարկէ մը ետք, ան պարզեց հայ եկեղեցւոյ յատկանշական երեսները։   Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Հայրապետը կեդրոնացաւՄիջին Արեւելքի վրայ՝ ընդգծելով քրիստոնէական գործակցութեան կարեւորութիւնը։

 

Դասախօսութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուսանողներուն եւ փրոֆէսորներուն հարցումներուն, որոնք առաւելաբար աստուածաբանական բնոյթ ունէին եւ առնչուած՝ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու մօտեցման ներկայ ընկերութիւնները տագնապեցնող հարցերուն նկատմամբ։