image

Երեւանի մէջ մահացած է հայրենադարձած հայուհի՝ Մինելի Վարդանեանը

Երեւանի մէջ մահացած է հայրենադարձած հայուհի՝ Մինելի Վարդանեանը

Այսօր ժամեր առաջ իր մահկանացուն կնքեց իրանահայ  պարմանուհի Մինելի Վարդանեանը: Այս մասին լուրը կը գոյժէ ՀԲԸՄ-ի սկաուտական խումբը:

21-ամեաայ Մինելի Վարդանեան վերջին շրջանին կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ: ՀԲԸՄ-ի սկաուտական էջը իր գոյժին մէջ գրած է.« Իւրաքանչիւր մարդ, որ ծանօթ էր քոյր Մինելիին, կը փաստէ անոր քաջութիւնը եւ կեանքի հանդէպ անոր սէրը: Շատերու համար ան օրինակ կը ծառայէր: Ան փոձեց յաղթահարել այս չար հիւանդութիւնը, սակայն Տէր Աստուած ցանկացաւ անոր հրեշտակներու շարքերուն տեսնել»:

«Արեւելք» այս տխուր առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Մինելիի ծնողներուն եւ հարազատներուն: