Սուրիացի քանդակագործ Ալաա Ալի Մուհամմատ Թարթուս նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ ժայռի հսկայական կտոր մը արուեստի գլուխ գործոցի վերածած է:
«Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին քանդակագործը նշած է, որ Ատնան Սաֆիի Ալ Տին Ալ Խաթիպ իրմէ խնդրած է մեծ հօր՝ ազատամարտիկ Խալիլ Ահմատ Ալ Խաթիպի պատկերը քանդակել, որմէ ետք խումբ մը նորաւարտ քանդակագործներու հետ 2007 թուականին սկսած է ստեղծագործական աշխատանքը:
Համայնապատկերի կեդրոնը տեղադրած են ֆրանսական տիրապետութեան օրերու նշանաւոր դատաւոր Խալիլ Ահմատ Ալ Խաթիպի պատկերը, որ յայտնի էր իր արդարամտութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ, իսկ Սալէհ Ալ Ալիի յեղափոխութեան օրերուն մեծապէս նպաստած է զէնքի ու զինամթերքի պահեստները հսկելով, որուն արդիւնքով մահուան դատապարտուած է ֆրանսացիներու կողմէ, սակայն յեղափոխութեան ղեկավարները յաջողած են զինք փախցնել ու փրկել թշնամիի պատիժը կրելէն:
Ազատամարտիկի պատկերէն դէպի աջ եւ ձախ պատկետուած են անոր ժամանակակից նշանաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի պատմութեան հետ առնչուող խորհրդանիշներ:
Քանդակագործին հաւաստմամբ, յիշեալ արուեստի գլուխ գործոցը Արաբական Աշխարհի խոշորագոյն համայնապատկեր քանդակն է, որուն ընդհանուր երկայնքը 30 մեթր, իսկ բարձրութիւնը 4-7 մեթր է: