image

Հալէպահայ Մարի Թոփսքանեան-Պարսումեանի վերջին հրաժեշտ՝ 22 յունուարին

Հալէպահայ Մարի Թոփսքանեան-Պարսումեանի վերջին հրաժեշտ՝ 22 յունուարին

Երեւանի մէջ օրեր առաջ՝ 17 յունուարին իր մահկանացուն կնքած հալէպահայ Մարի Թոփսքանեան-Պարսումեանի յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը պիտի կատարուին երկուշաբթի՝ 22 յունուարին, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ (Պրոշեան), ժամը 1:00-ին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Նշենք, որ հանգուցեալը ամուսնացած էր, ան 2011-ին կորսնցուցած էր իր ամուսնոյն, որուն հետ համատեղ ունեցած էր 5 զաւակ եւ 12 թոռնիկ:

Ինչպէս կը վկայեն անոր հարազատները, Տիկ Մարի եղած է շնորհալի եւ առաքինի, քրիստոնավայել կեանքով ապրող, ծառայասէր անձնաւորութիւն, իտէալ կին եւ մայր:

Ան ազգային ծառայութեամբ զբաղուած է Գամիշլիի եւ Հալէպի մէջ: Եղած է Գամիշլիիի Օգնութեան Խաչի տինանց անդամ եւ Տիգրանակերտի միութեան ծառայող: 

Սուրիոյ պատերազմի պատճառով տեղափոխուած եւ հաստատուած էր Երեւան, ուր իր մօտ 2016-ին յայտաբերուած էր հիւանդութիւն: Ինչպէս կը յայտնեն անոր զաւակները, հանգուցեալը հիւնդութեան դէմ զօրաւոր կամքով եւ աղօթքով պայքարած էր մինչեւ վերջին շունչը:

 

Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Թոփսքանեան եւ Պարսումեան ընտանիքներու  համայն անդամներուն եւ մասնաւորապէս Պրն. Հրայր Պարսումեանին: