image

«Սարոյեան» փողոցին մասին Ալեքսիս Օհանեանի գրառումը

«Սարոյեան» փողոցին մասին Ալեքսիս Օհանեանի  գրառումը

Ամերիկեան Reddit ընկերային կայքի հիմնադիր-ղեկավար Ալեքսիս Օհանեանը, որ տարբեր առիթներով խօսած է հայկական ծագման մասին, իր ինսթակրամեան էջին հրապարակած է գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան փողոցի լուսանկարը:

«Սարոյեանի փողոցը՝ Սան Ֆրանսիսկոյի լաւագոյն փողոց»,-գրած է 34-ամեայ միլիոնատէրը:

Աւելի վաղ Օհանեան մէկ այլ լուսանկար հրապարակած էր՝ հայազգի հօր, պապի ու նորածին աղջկան հետ:

«Օհանեաններու 4 սերունդ՝ 94 տարեկանէն մինչեւ 4 ամսական»,-գրած էր գործարարը:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի Օհանեան ամուսնացած է թենիսի մարզիկ Սերենա Ուիլիըմսի հետ: Անոնց առաջնեկը ծնած է 1 սեպտեմբերին:

Լուսանկարները կրնաք դիտել այստեղ:

 

Լուրը՝ Tert.am-էն