image

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 18 յունուարին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ընդունած է  Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպման ներկայ գտնուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Արամ Մալեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է հաւաքաբար քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:

Նահանգապետ Շպիպ մեծապէս գնահատած է պետական կառոյցներուն մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ունեցած մասնակցութիւնը, որ երկրի վերելքի հոլովոյթին մէջ ունի իր իւրայատուկ կարեւոր նշանակութիւնը:

Պէյրութի բարգաւաճման ծրագիրներուն ծանօթանալէ ետք, առաջնորդ սրբազանը յայտնած է, որ լիբանանահայութիւնը բոլոր ժամանակներուն հաւատարմօրէն կատարած է իր քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ ջատագովը եղած Լիբանանի զարգացման աշխատանքներուն: Նահանգապետը եւ առաջնորդ սրբազանը շեշտեած են, որ նմանօրինակ հանդիպումներ հիմք կը ծառայեն միտքերու փոխանակման եւ գործակցութեան նոր հորիզոններու հաստատման: