image

Ապտալլա Կիւլ կրնայ «Բարօրութիւն» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուիլ

Ապտալլա Կիւլ կրնայ «Բարօրութիւն» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուիլ

Թրքական «Բարօրութիւն» կուսակցութեան նախագահ Թեմէլ Քարամոլլաօղլուն յայտարարած է, որ երկրի նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը կրնայ իրենց կողմէ առաջադրուիլ որպէս նախագահի թեկնածու 2019 թուականին կայանալիք ընտրութիւններուն: Այս մասին կը գրէ թրքական demokrathaber.org կայքը:

«Առայժմ սխալ կ'ըլլայ ըսել, որ ան մեր թեկնածուն է, սակայն նման բան կրնայ տեղի ունենալ», - ըսած է թուրք քաղաքական գործիչը՝ Կիւլը անուանելով իրենց «թանկագին եղբայր»ը:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած էր, որ Թուրքիան իսկապէս ունի Ապտուլլահ Կիւլի կարիքը:


Իշխանամէտ մամուլը չի բացառեր, որ 2019 թուականի ընտրութիւններուն Ապտուլլահ Կիւլը կրկին իր թեկնածութիւնը առաջադրէ: