image
Հրատապ լուրեր:

Պաղեստինցի պատանին Էրտողանի հիւրը

Պաղեստինցի պատանին Էրտողանի հիւրը

Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելու որոշման դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ժամանակ մեծ տարածում գտաւ Ֆաուզի Ալ Ճունտի անունով պատանիին լուսանկարը, զոր ձերբակալելու համար աւելի քան 20 իսրայէլցի զինուոր հաւաքուած էին:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, այսօր Ֆաուզի Թուրքիա կը գտնուի եւ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Էրտողանի ու անոր աշխատակազմին կողմէ, նախագահական պալատին մէջ, ուր ներկայ եղած է նաեւ երկրի վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ: