image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա.Հրանդ Տինքի մասին Կարօ Փայլանի ելոյթը ջնջուած է խորհրդարանի արձանագրութիւններէն

Թուրքիա.Հրանդ Տինքի մասին Կարօ Փայլանի ելոյթը ջնջուած է խորհրդարանի արձանագրութիւններէն

Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը երէկ՝ Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցի կապակցութեամբ ելոյթ ունեցած էր մէճլիսի մէջ: 18 Յունուարին տեղի ունեցած նիստի ժամանակ Փայլանն ու իր կուսակցութիւնը առաջարկած են Տինքի գործի բացայայտմանն ու նման դէպքերու կանխարգելմանն ուղղուած խորհրդարանական հետաքննութիւն իրականացնելը, սակայն ԺԴԿ-ի առաջարկը չէ ընդունուած օրակարգ։

Ընդդիմադիր «T24» լրատուակայքի տեղեկացմամբ, իր ելոյթի աւարտին Փայլան հայերէնով ըսած է․ «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ։ Շատ ապրիս, Հրանդ»։  Սակայն մէճլիսի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի խօսքերու փոխարէն միայն «X» նշան դրուած է։

Նշենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս հնչած արաբերէն եւ քրտերէն արտայայտութիւններ եւս արձանագրութիւններու մէջ նշուած էին «X» նշանով։