image

Թրքական բանակի մէջ ծառայութեան ընթացքին սպանուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը վերսկսած է

Թրքական բանակի մէջ ծառայութեան ընթացքին սպանուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը վերսկսած է

Բանակի պարտադիր ծառայութիւնը մատուցած ժամանակ ատելութեան ոճիրի մը զոհ դարձած շարքային Սեւակ Պալըքճըի դատավարութիւնը կրկին կը կայանայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։

Վերստին դատավարութեան կրկնութեան տեղի տուող գործօնը եղաւ 668 թիւ օրէնքի լիազօր որոշմնագիրի հետեւանքով զինուորական դատարաններու փակուիլը։

Յետադարձ ակնարկով մը յիշենք, թէ Սեւակ Պալըքճը 24 Ապրիլ 2011 թուականին պարտադիր զինուորական ծառայութեան վերջին օրերուն մի այլ զինծառայող՝ Քըվանչ Աղաօղլուի հրացանէն արձակուած փամփուշտով մը մահացած էր։ Զինուորական դատարանը այդ սպանութիւնը առկած մը ըլլալով մեկնաբանած եւ բանտարկութեան շրջանն ալ նկատի ունենալով վճիռի հետ միասին ազատ արձակած էր ոճրագործը։

8 Փետրուարին Պաթմանի Քոզլուք գաւառի մէջ կայացող դատավարութեան ներկայ էին զոհուած զինուորի ծնողքը՝ Անի եւ Կարապետ Պալըքճը ամոլը ու իրաւապաշտպան Ճեմ Հալաւուրթ։ Հալաւուրթ՝ պնդելով որ ոճիրը դիտումնաւոր էր, պահանջած է, որ դատավարութիւնն ալ կայանայ Եղեռնադատ ատեանի մօտ։ Դատակազմը մերժեց իրաւապաշտպանի այս պահանջը եւ տուեալներու ամբողջացումը պահանջելով յաջորդ նիստի համար ճշդեց 7 Յունիս 2018 թուականը։