Երէկ՝ 17 փետրուարի գիշերը, Հալէպի մէջ տեղատարափ անձրեւ տեղացած է, որուն հետեւանքով կարգ մը փողոցներ ջուրի կուտակումի պատճառով փակուած են: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջէն:
Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն անձրեւային եղանակը պիտի շարունակուի քանի մը օր եւս: