image

ԱՄՆ.Տեղի ունեցած է սեմինար մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններուն.Կազմակերպիչը ՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն է

ԱՄՆ.Տեղի ունեցած է  սեմինար մասնակցութեամբ  հայկական  վարժարաններու  տնօրէններուն.Կազմակերպիչը ՝ «Կիւլպէնկեան»  հիմնարկն է

11- էն 13 Յունուարին  Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու 29 տնօրէններ առաջին անգամ ըլլալով մէկտեղուած էին «Զարգացում մեր ուժերով. կրթական ղեկավարութիւն եւ լեզուի իւրացում սփիւռքահայ դպրոցներուն մէջ» եռօրեայ աշխատանոցին մասնակցելու համար: Աշխատանոցը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) մէջ, կը վայելէր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան (Լիզպոն, Փորթուկալ) Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութիւնը, նոյն համալսարանի Ազգային ժառանգական հանրամիջոցներու կեդրոնին եւ Մերձաւոր Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու բաժանմունքին սերտ համագործակցութեամբ:

Աշխատանոցին նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել, թէ իւրաքանչիւր տնօրէն ինչպէ՛ս կրնայ հայերէնի վերակենդանացման ուղղուած նոր մանկավարժական մեթոտները առանձնացնել ու կիրարկել: Լեզուի իւրացումը եւ ուսուցումը քանի մը մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Օրինակ՝ տնօրէն մը դիտել տուաւ, թէ «երեխաներէն ակնկալել, որ հայերէն խօսին առանց «հայերէն խօսէ՛» բառերը արտասանելու, գրեթէ մտային խաղ մըն է, ընդունուած կանոններուն դէմ պայքար մը: Ինչպէ՞ս կրնաս երեխայ մը դրդել, որ լեզու մը խօսի բնականօրէն»: Ահա այդ երեք օրերուն ընթացքին յարուցուած ու քննարկուած բազմաթիւ  հարցերէն մէկը:

Աշխատանոցը բաժնուած էր վեց նիստերու՝ տեսական ու գործնական բաժիններու համադրումով եւ հետեւեալ նիւթերու քննարկումով.

– Ինչպէ՛ս մշակել դպրոցական համայնք մը եւ ի՛նչ կը նշանակէ դպրոցէն ներս, համագործակցական մշակոյթ մը.

– Փիլիսոփայական ու քննական մտածողութեամբ՝ ինչպէ՛ս բանալ միտքի պատուհանները.

– Ինչպէ՛ս ապրիլ հայերէն լեզուն եւ հայերէնը դարձնել ապրող լեզու, շեշտը դրուած ըլլալով բազմալեզու կրթութեան եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան վրայ.

– Ինչպէ՛ս կառուցել լեզուական ներսուզումի (immersion) բնորդներ.

– Ինչպէ՛ս ներգրաւել ընթերցողներու եւ գրողներու սերունդ մը՝ դասարանային ստեղծարար գրագիտութեան մղում տալով:

Աւարտական նիստին, մասնակիցներէն խնդրուեցաւ, որ իրենց մտածումները կիսեն երկու հարցերու շուրջ: Նախ՝ իբրեւ տնօրէններ, ի՞նչ քաղած էին աշխատանոցէն: Երկրորդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլար իրենց յաջորդ քայլը:

Բոլոր տնօրէնները խանդավառ էին աշխատանոցի նիւթերով ու արդիւնքներով, ու կ՛ուզէին զանոնք անյապաղ կիսել իրենց ուսուցիչներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ ծնողներուն հետ: Նկատելի էին յանձնառութիւնները՝ աշակերտներուն հետ աւելի յաճախ հայերէն խօսիլ, զանազան նիւթերու մասին անոնց հայերէնով ազատօրէն արտայայտուիլը քաջալերել, ուսուցչական պատրաստութեան ուղղութեամբ ներդրում կատարել, դասարաններէն ներս աշակերտներուն տարիքին յարմար հայերէն ընթերցանութեան գիրքեր ապահովել, եւ մանկավարժական մօտեցումները բարելաւելու ուղղուած նորանոր քայլերու դիմել: Մասնակի մը յայտնեց. «Լեզուական իւրացումը կարծածիս չափ դժուար իրագործելի չէ եղեր: Յարմար պատրաստութեամբ, բոլոր ուսուցիչները կրնան արդիւնաւէտ աշխատանք տանիլ՝ սահուն հայախօս աշակերտներունենալու համար»: Ուրիշ մասնակից մը աւելցուց. «Լեզուական ուսուցման օժանդակող բազմաթիւ նիւթեր կան: Դիւրաւ գտանելի են, արդիւնաւէտ են, ու պատրաստ՝ գործածուելու»:

Բոլոր մասնակիցները անդրադարձան, որ առանձին չեն այս հիմնական խնդիրներուն դէմ. բազմաթիւ մարտահրաւէրներ հասարակաց են, եւ լուծումները հաւաքական որոնումի արդիւնք ալ կրնան ըլլալ: «Շատ կարեւոր է, որ աւելի յաճախ հանդիպինք եւ մեր ամէն օր դիմագրաւած նմանօրինակ իրավիճակները միասին քննարկենք», ըսաւ տնօրէններէն մէկը:

«Այս ձեռնարկը անկիւնադարձային էր՝ դպրոցներու հետ կապուած մեր ծրագիրներուն մէջ, եւ շատ ուրախ ենք, որ UCLA-ի հետ միասնաբար կազմակերպեցինք զայն: Սրահին մէջ տիրող խանդավառութիւնը, տնօրէններուն յանձնառութիւնը, նաեւ՝ դպրոցներուն եւ հայերէնին վրայ այս աշխատանոցին ունենալիք ազդեցութիւնը կասկածէ վեր են: Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի գրեթէ բոլոր հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու տնօրէնները ներկայ էին, Արժանթինէն կարեւոր մասնակցութիւն մըն ալ կար: Աշխատանոցը մեզի նոր ներշնչում տուաւ մեր աշխատանքը շարունակելու՝ հայերէնը դարձնելու համար հնչեղ լեզու մը Սփիւռքի մէջ եւ Սփիւռքի համար», ըսաւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան:

Աշխատանոցին նիստերը վարողներն էին. Տեպի Թալուքտար (Մանուկներու փիլիսոփայութեան կեդրոն, Ուաշինկթըն համալսարան, Միացեալ Նահանգներ), Շուշան Կարապետեան (Ազգային ժառանգական լեզուներու պաշարի կեդրոն, UCLA, Միացեալ Նահանգներ), Անի Կարմիրեան (արեւմտահայերէնի վերակենդանացման ծրագիրներու պատասխանատու, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւն, Փորթուկալ), Յակոբ Կիւլլիւճեան (արեւմտահայերէնի դասախօս, UCLA, Միացեալ Նահանգներ), Էյմի Հիւզ (անգլերէնի ուսուցչուհի, Մանչեսթըր շրջանային դպրոց, Հէյլտըն, Միացեալ Նահանգներ), Կիլ Շմերլըր («Կրթական փոփոխութեան ղեկավարութիւն» ծրագիրի տնօրէն, Պենք Սթրիթ ուսուցչանոց, Միացեալ Նահանգներ); Ռապըրթ Մ. Ուրիու (քաղաքական գիտութիւններու փրոֆեսէօր, UC Irvine, եւ Օրենճ Քոսթ Կաքուեն ճափոնական դպրոցի տնօրէն, Միացեալ Նահանգներ), Անահիտ Սարգիսեան (ուսուցիչ, հեղինակ եւ հրատարակիչ, Ֆրանսա), Անահիտ Տօնապետեան (հայերէն ամպիոնի վարիչ, Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ, Ֆրանսա):