image

Վեց տարի ետք առաջին անգամ այցելութիւն Պոսթան Փաշայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզաւան (Lուսանկարներ)

Վեց տարի ետք առաջին անգամ այցելութիւն Պոսթան Փաշայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզաւան (Lուսանկարներ)

Կիրակի 11 մարտին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը այցելած է  Պոսթան Փաշա շրջանին մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզաւանը եւ մօտէն սերտած կառոյցին ներկայ վիճակը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆէյսպուքեան էջէն:

Նշենք, որ հայկական մարզաւան այցելութիւնը հնարաւոր եղաւ միայն Հալէպի ազատագրումէն եւ Պոսթան Փաշա տարածաշրջանը պետութեան հակակշռին տակ մտնելէն ետք:

 
Վարչութեան այցի արդիւնքով պարզուեցաւ, որ շէնքը եւ ոտնագնդակի դաշտը նիւթական լուրջ վնասներու ենթարկուած են:

«Սակայն վերանորոգելու յոյսով եւ աշխատանքով, գալիք օրերուն կրկին կեանքի պիտի կոչուի այս տարածութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն մարզական կեանքը ծաղկեցնելով»,- նշուած է ֆէյսպուքեան գրառման մէջ: