image

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդանը կը շարունակէ «դիմադրել» մեկապոլիսի «պաշարում»ին

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդանը  կը շարունակէ «դիմադրել»  մեկապոլիսի «պաշարում»ին

Հայաստանեայց  Առաքելական    Սուրբ Վարդան  եկեղեցին  կը  շարունակէ     «դիմադրել»   Նիւ Եորք Մեկապոլիսի «ասֆալթեայ  պաշարում»ին:  Այս  մասին  գրած է ամերիկեան Atlas Obscura ճանապարհորդական պարբերականը։

 

Պարբերականը համեմատած է Նիւ Եորքի սիրտը գտնուող 20-րդ դարուն կառուցուած հայկական Սուրբ Վարդան եկեղեցին Էջմիածնի 7-րդ դարու Սուրբ Հռիփսիմէի հետ։

Ինչպէս կը նշէ յօդուածի հեղինակը, նոյնիսկ աւելի քան 36 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող եկեղեցին կը ծածկեն Մանհեթենի որոշ երկնաքերեր։

«Բաւական է միայն յայտնուիլ հրաշալի շինութեան տարածք, մտնել այնտեղ, եւ ձեզ կը թուի` քաղաքը մնացած է ետեւը, եւ դուք յայտնվուած էք մէկ այլ աշխարհ։ Եկեղեցին հայկական արտասովոր գիւղերէն մէկուն մէջ ծուարած հազար տարուան վանքի նման է։ Այն 681 թուականին կառուցուած Հայաստանի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ ժամանակակից վերարտադրութիւնն է», – գրուած է յօդուածին մէջ։

 

Հեղինակն աւելցուցած է, որ տաճարի շուրջ զբօսնելու ժամանակ` պատերէն մէկուն վրայ կարելի է նկատել փորագրուած 1966 թուականը։ Քիչ այնկողմ նոյն տարեթիւն է, միայն թէ հայկական տառերով գրուած` «ՌՆԺԵ»։

«Հսկայական քարէ շէնքի վրայ ոսկեզօծ գմբեթն է։ Ներքին յարդարանքը գեղեցիկ որմնանկարներն ու ապակեայ նախշերը կը կազմեն։ Եկեղեցին հայկական բացառիկ ճարտարապետութեան բնորոշ երկու առանձնայատկութիւն ունի։ Նախ` կրկնակի հատուող կամարներ են ամբողջ ներքին տարածքին, ինչի շնորհիւ միւս խոշոր եկեղեցիներու մեծամասնութեան բնորոշ սիւներու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Երկրորդը` 36.5 մեթրանոց բրգաձեւ գմբեթը, որ նոյնպէս կը պահուի հատուող կամարներու հաշուոյն», – գրած է ան։

 

Աղբիւրը ՝

armeniasputnik.am