Լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան կնքած է իր մահկանացուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն: 1960-ականներուն Խտըշեան տարբեր անուններու հետ մեծ ներդրում ունեցած է Պէյրութահայ մշակութային կեանքի մէջ` մասնաւորապէս թատերական կեանքի վերելքի առումով: Այնուհետեւ ան հիմնադրած է «Թատրոն 67» թատերախումբը, ապա փոխարինելով բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանը, երկար տարիներ վարած է «Համազգային»ի (Համազգային Հայ Մշակութային Ընկերակցութիւն) «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը: Նշենք, որ վերջին տարիներուն Խտըշեան կը տառապէր ծանր անկողնային հիւանդութեամբ: