image

Գերմանիոյ կողմէն Թուրքիոյ վաճառուող զէնքի ծաւալները աւելցած են

Գերմանիոյ կողմէն Թուրքիոյ վաճառուող զէնքի ծաւալները աւելցած են

Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ Թուրքիոյ զէնք վաճառել: Երկրի տնտեսութեան նախարարութիւնը ի պատասխան «Կանաչներու կուսակցութեան» պատգամաւոր Օմիդ Նուրիպուրի հարցադրման, տուեալներ տրամադրած է Գերմանիոյ կողմէն Թուրքիոյ վաճառուած զէնք-զինամթերքի ծաւալներու մասին:

Նախարարութեան տուեալներով՝ Սուրիոյ մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր Գերմանիան Թուրքիոյ վաճառած է 4 միլիոն 400 հազար եւրոյի ռազմական արտադրանք: Եւ սա այն պարագային, երբ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին մէջ Թուրքիոյ վաճառուած զէնքի ընհանուր արժէքը կազմած է 3 միլիոն 600 հազար եւրո:

Այսպիսով, 2018 թուականին Գերմանիոյ կողմէն Թուրքիոյ վաճառուած ռազմական արտադրանքի ծաւալները մեծցած են:

Ըստ տնտեսութեան նախարարութեան տրամադրած տուեալներու՝ 2018-ի միայն յունուար-փետրուար ամիսներուն կառավարութիւնը ստորագրած է 34 թոյլտուութիւն Թուրքիոյ 9 միլիոն 700 հազար եւրոյի զէնք-զինամթերք վաճառալու վերաբերեալ: