image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր հայ քաղաքացիներու ապրած ցաւերը կիսելը թուրք ազգի խիղճի ու բարոյականութեան պահանջն է». Էրտողան

«Մեր հայ քաղաքացիներու ապրած ցաւերը կիսելը թուրք ազգի խիղճի ու բարոյականութեան պահանջն է». Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ ցաւակցական ուղերձ յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին.

«Յարգելի' Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեան,

շատ թանկագին իմ հայ քաղաքացիներ,

ի սրտէ կ'ողջունեմ ձեզ:

Այսօր դուք Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու յիշատակը յարգելու համար միախմբուած էք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տանիքի ներքոյ:

Կեանքէ զրկուած օսմանեան հայերուն եւս մէկ անգամ յարգանքով կը յիշատակեմ եւ անոնց երեխաներուն ու թոռներուն անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ:

Այս կապակցութեամբ հոգիի խաղաղութիւն եւ ողորմութիւն կը խնդրեմ նոյն ժամանակահատուածի մէջ հիւանդութիւններու, գաղթերու, պատերազմի ու բախումներու հետեւանքով մահացած միլիոնաւոր օսմանեան քաղաքացիներու համար:

Պատմութեան ընթացքին մենք մշտապէս եղած ենք ցաւերը կիսող, այլ ոչ  տարբերակող կամ մրցակցող»:

Թուրքիոյ ղեկավարը ընդգծած է, որ այսօր ալ Թուրքիան կը ջանայ հզօրացնել խաղաղութեան ու եղբայրութեան ուժը՝ «հիմնուելով պատմական ժառանգութեան վրայ»:

«Մեր հայ քաղաքացիներու՝ պատմութեան ընթացքին ապրած ցաւերը կիսելը թուրք ազգի խիղճի ու բարոյականութեան պահանջն է», - ըսած է Էրտողանը յայտարարութեան մէջ:

Ան նաեւ իր համոզմունքը յայտնած է, ըստ որու Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները պիտի շարունակեն իրենց կարեւոր ներդրումը ունենալ երկրի մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական ոլորտներու մէջ: