image

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Յովհաննէս Տաղտեւիրէնեանը

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Յովհաննէս Տաղտեւիրէնեանը

Երէկ՝ 9 մայիսին, Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է արմատներով այնթապցի՝ հալէպահայ Յովհաննէս Տաղտեւիրէնեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

 

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 12 մայիս 2018-ին, ժամը 1:30-ին, Երեւանի Պռոշեան- Կոնդ շրջանի  Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին Տէրեան ճաշարանէն ներս (հասցէ՝ Բիւզանդի փողոց 1/3 ):

 

Հալէպ ծնած եւ յայտնի անուն ունեցող վարպետ ոսկերիչ Յովհաննէս Տաղտեւիրէնեան Սուրիան հարուածած ծանր պատերազմին հետեւանքով 2015-ին տեղափոխուած էր հարազատներուն  մօտ՝ Երեւան: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին ծառայած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ.ի շարքերուն մէջ:

 

Ամուսնցած էր, ունի 2 մանչ զաւակ՝ Սագօ եւ Ռաֆֆի եւ 4 թոռ: Ամիսներ առաջ հանգուցեալը մեծ վիշտով հրաժեշտ տուած էր իր սիրելի կողակցին՝ Տիկ. Թիվիքա Եագուպեան-Տաղտեւիրէնեանին, ինչի հետեւանքով ալ ապարած ծանր թախիծի պատճառով անոր առողջութիւնը կտրուկ վատացած էր:

 

«Արեւելք» այս առթիւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ  մասնաւորապէս  անոր որդիներուն՝ Սագօ եւ Ռաֆֆի Տաղտեւիրէնեաններուն: