image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. զոհուած զինուորը ծնողներու միակ զաւակն էր

Լիբանան. զոհուած զինուորը ծնողներու միակ զաւակն էր

Լիբանանեան Ալ Թալ շրջանին մէջ օրինախախտներու դէմ իրականացուած գործողութիւններու ժամանակ ծնողներուն միակ զաւակը հանդիսացող Ալի Մուսթաֆա զոհուած է:

«Ալ Նահար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, մահացու վիրաւորում ստանալէն ընդամէնը քառորդ ժամ առաջ Ալի հեռախօսազանգ ստացած է իր հօրմէն, որ զինք զգուշացուցած է կրակոցներէն, սակայն հեռախօսազանգէն անմիջապէս ետք գլխու հատուածի վիրաւորում ստանալով տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր քանի մը ժամ պայքարած է մահուան դէմ ու հոգին աւանդած:

Նշենք, որ դէպքը տեղի ունեցած է Ալ Թալ շրջանին մէջ խումբ մը օրինախախտներ ձերբակալելու նպատակով իրականացուած գործողութիւններու ժամանակ, երբ վերջիններս բանակի զինուորներուն ուղղութեամբ սկսած են ձեռնառումբեր եւ կրակոցներ արձակել: