image
Հրատապ լուրեր:

Երեսուն մանուկներ աւարտեցին Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրը

Երեսուն մանուկներ աւարտեցին Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրը

19 Մայիս 2018-ին կայացաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը, որ շուրջ մէկուկէս ժամ ներկաները փոխադրեց մանկական անմիջականութեան, անմեղութեան եւ անբռնազբօս գեղեցկութեան աշխարհը՝ պարերով, երաժշտութեամբ, թատերական պատկերներով եւ վառ գոյներով առլեցուն:

 

Հանդէսին, Ներկիզեան մանկամսուրին հրաժեշտ տուին աւարտական 30 փոքրիկներ, որոնք յառաջիկայ տարեշրջանին իրենց առաջին քայլերը պիտի կատարեն կրթութեան մէջ, որպէս բողբոջ դասարանի աշակերտներ:

 

Ամավերջի հանդէսին ողջոյնի խօսքով բացաւ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քէշիշեան: Ան ըսաւ. “Ներկիզեան մանկամսուրին մէջ մանուկը կը դառնայ ազատ, անկախ, ինքնաբաւ, ինքնավստահ եւ նախաձեռնող: Այնտեղ հիմքը կը դրուի անոր հոգե-մտաւոր եւ ընկերային կազմաւորման”, աւլեցնելով, որ մանկամսուրին մէջ մանուկները կը դաստիարակուին դառնալու համար հայ տիպար քրիստոնեաներ, զարգացնելով իրենց միտքն  ու գիտելիքները:

Տիկին Մարալ Հարպոյեանի հանդիսավարութեամբ, յայտագիրը ընթացաւ «Քաղցրաւենիքի Աշխարհը» ընդհանուր խորագրին տակ: Մանկամսուրի չորս տարբեր դասարաններու մանուկները ներկայացուցին 7 առանձին պարեր` բծախնդրութեամբ պատրաստուած: Գեղարուեստական մասով իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեսրոպեանի աշակերտներ, կատարելով մարզա-թատերական կտորներ:

 

Եզրափակիչ խօսքը կատարեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկամսուրի պատասխանատուին եւ անձնակազմի անդամներուն աշխատանքը, որ կարելի դարձուց Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրը ստեղծել ու պահպանել որպէս մանուկներու խնամքի ապահով եւ յուսալի վայր: Ան շնորհաւորեց աւարտական փոքրիկները եւ անոնց մաղթեց բարի երթ՝ դէպի մանկապարտէզ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի