image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Եղնուկեան ազատ արձակուած է

Կարօ Եղնուկեան ազատ արձակուած է

«Սասնա ծռեր-3»-ի գործով ամբաստանեալ Կարօ Եղնուկեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է:

Դատական նիստը նախագահող դատաւորը մերժած էր Կարօ Եղնուկեանի պաշտպան՝ Տիգրան Հայրապետեանի միջնորդութիւնը՝ կալանաւորումը վերացնելու կամ այլ խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ, սակայն միաժամանակ դատարանը՝ նախագահութեամբ Արտուշ Գաբրիէլեանի, թոյլատրելի ճանչցած է գրաւի կիրառումը եւ գրաւի չափը սահմանած է 10 միլիոն դրամ:

Գումարը վճարելէ ետք Կարօ Եղնուկեանն անմիջապէս ազատ պիտի արձակուի:

Մեղադրանքը պաշտպանող դատախազն առարկած էր խափանման միջոցը վերացնելու դէմ, սակայն գտած էր, որ կարելի է քննարկել Եղնուկեանին գրաւի դիմաց ազատ արձակելու հարցը։