image

ՀՅԴ Պլոք. Սպարտակ Սէյրանեան փոխարինեց Արմէն Բաբայեանը

ՀՅԴ Պլոք. Սպարտակ Սէյրանեան փոխարինեց Արմէն Բաբայեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի վարչական շէնքին մէջ կայացած է յանձնաժողովի արտահերթ նիստը: Օրակարգի վրայ եղած է 2 հարց:

ԿԸՀ նիստին օրակարգի վրայ էին «Ազգային ժողովի պատգամաւորի տրամադրելու մասին արձանագրութեան կազմում» եւ «Երեւանի աւագանիի մանդատ տրամադրելու մասին արձանագրութիւններու կազմում» հարցերը:

Հարցերէն մէկով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ներկայացուց, որ ԱԺ նախագահի համապատասխան գրութիւն ստացած են, ըստ որուն՝ հիմք ընդունելով պատգամաւորի հրաժարականի մասին դիմումը, կը նախատեսուի դադրած համարել ՀՅԴ-ական Արմէն Բաբայեանի լիազօրութիւնները: Այսպիսով, անոր փոխարէն մանդատ պիտի ստանա ՀՅԴ անդամ Սպարտակ Սէյրանեան:

Օրակարգի երկրորդ հարցով ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաճանեանի փոխարէն Աւագանիի մէջ պիտի ընդգրկուի Նելլի Ղարդեանը, իսկ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին Աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան մէջ պիտի փոխարինէ ընտրական ցուցակի հերթական թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեանը: